|
Արեւմտահայերէն
ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԿԵՆՍԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆ ՄԵՐԺԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆ - ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Անցեալ Օգոստոս 31-ին, Հայաստանի ու Թուրքիոյ հանրապետութիւններուն կառավարութիւնները Զուիցերիոյ հովանաւորութեամբ համաձայնեցան քաղաքական ներքին խորհրդակցութեան նիւթ դարձնել երկու արձանագրութիւններ. առաջինը՝ “դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատաման“, երկրորդը՝ “երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման“ մասին. պէտք է յաջորդէր անոնց ստորագրութիւնն ու վաւերացումը։
Այս արձանագրութիւններով խնդրոյ առարկայ կ՚ըլլայ բովանդակ հայ ժողովուրդին, հետեւաբար նաեւ Սփիւռքի ապագան։
Սփիւռքը ներկայացուած ըլլալով ո՛չ Հայաստանի, ո՛չ ալ իր գաղութներու գտնուած երկիրներուն պետական ատեաններուն կողմէ, մեր պարտականութիւնը կը հրահանգէ կատարուածին հակազդել ա՛յս հանրագրութեամբ։ Ան կը յղուի մարդկային արժանաւորութեան յարգանքի տէր բոլորին ստորագրութեան։
Ի յառաջագունէ կր մերժենք այս հակազդեցութիւնը որպէս Հայաստանի դէմ քայլ մեկնաբանելու բոլոր փորձերը. կը շեշտենք թէ ընդհակառակը անոր նպատակն է պաշտպանել հայ ժողովուրդին կենսական շահերն ու հիմնական իրաւունքները։
Այս պայմաններով, հանրագրութիւնը ստորագրողները՝
- Յիշեցնելով թէ Հայաստանի իրենց հասկացողութիւնը ը չի սահմանափակուիր Հայաստանի հանրապետութեամբ ու անոր հողատարածքով,
- Յիշեցնելով ապա թէ Հայաստանի հանրապետութեան իշխանութիւնները լիազօր չեն վճռելու հայ ժողովուրդին ամբողջութեան առընչուած բոլոր հարցերուն, յատկապէս 1915-ի Ցեղասպանութեան մասին որուն ժառանգորդն է Սփիւռքը,
- Յիշեցնելով թէ Ցեղասպանութեան նման փորձառութիւն մը կառավարական յանձնախումբերու կամ ենթայանձնախումբերու սակարկութեան եւ արժեւորումին առարկայ ընել իրականութիւնը քաղաքական գրաւարկներու եւ ուժի յարաբերութիւններու ենթակայ կը դարձնէ,
- Վերահաստատելով Հրեաներու Ցեղասպանութեան փորձառութիւնէն ծնած ընդհանրական համախոհութիւնը որ կը դատապարտէ ժխտողական նկրտումները եւ ցեղասպանութեան մը օրինական ուսումնասիրութեան իրաւունքին նախապայման կը նկատէ անոր ճանաչումը,
- Նկատելով հետեւաբար թէ այս արձանագրութիւններուն ստորագրութեամբ Հայաստան առարկայօրէն սատարած է Սփիւռքը մեկուսացնելով հայ ժողովուրդը բաժնելու թուրք պետութեան մարտավարութեան,
- Նկատելով թէ այս ստորագրութիւնը պարտադրուած է կողմերէ որոնք կը ձգտին որ հայկական պետութիւնը կառուցուի հայ ժողովուրդին մէկ հատուածին ուրացումով,
ա.- Կը մերժեն այս արձանագրութիւնները, ինչպէս թուրք պետութեան բազմաթիւ փորձերը որոնցմով ան ձգտած է տնտեսապէս խոցելի Հայաստանի հանրապետութեան պարտադրել պատմութեան զարտուղի եւ ժխտողական տեսանկիւն մը, մինչ ան այդ պատմութեան հետեւանքն իսկ է,
բ. - Կոչ կ՚ուղղեն Սփիւռքին՝ վերահաստատելու եւ ամրացնելու Ցեղասպանութեան յիշողութեան տիրոջ իր ինքնութիւնը, ինքնավար զարգացման ծրագրի շրջանակով մը ուր քննադատական ոգիով երկխօսութիւն տանի Հայաստանի հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ,
գ. - Կոչ կ՚ուղղեն մարդկային արժանաւորութեան յարգանքի տէր բոլորին իրենց մերժումը արտայայտելու այս արձանագրութիւններուն որոնք կը սպառնան հայ ժողովուրդի ամբողջականութեան։
|
Արեւելահայերէն
ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՐԴԻ ԿԵՆՍԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐԸ ՍՏԻՊՈՒՄ ԵՆ ՄԵՐԺԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻԱՅԻ ՄԻՋԵՒ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
0գոստոսի 31-ին, Հայաստանի եւ Թուրքիայի Հանրապետութիւնների կառավարութիւնները, Շւեցարիայի հովանու ներքոյ, համաձայնւեցին քննութեան ենթարկել « Դիւանագիտական յարաբերութիւնների հաստատման »-ը եւ « Երկկողմանի յարաբերութիւնների զարգացման մասին » արձանագրութիւնները ներքին քաղաքական խորհրդակցութեամբ՝ յանգելով դրանց ստորագրման եւ վաւերացման։
Սոյն արձանագրութիւնները լուրջ հետեւանքներ կարող են ունենալ ամբողջ հայ ժողովրդի եւ Սփիւռքի համար։ Ելնելով այն իրողութիւնից, որ Սփիւռքի հայութիւնը ներկայացւած չէ ո՛չ Հայաստանի Հանրապետութեան կառոյցների եւ ո՛չ այն պետութիւնների միջոցով որոնց քաղաքացիներն են, այդու մեր պարտականութիւնը մեզ հրահանգում է անհրաժեշտօրէն հակազդել սոյն ստորոգրահաւաքով։ Այս յղւում է մարդկային արժանապատւութեան սկզբունքներին գիտակից բոլոր անհատների ստորագրութեան։
Մենք ի սկզբանէ մերժում ենք այս հակազդեցութիւնը իբր Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ ուղղւած արարք մեկնաբանելու փորձերը։ Ընդհակառակը, այս նախաձեռնութեան նպատակն է պաշտպանել հայ ժողովրդի կենսական շահերը եւ հիմնական իրաւունքները։
Այս պայմաններում, ներքոյ ստորագրողները՝
- Յիշեցնում են, որ Հայաստանի մասին իրենց պատկերացումը չի սահմանափակւում Հայաստանի Հանրապետութեամբ եւ նրա հողատարածքով։
- Յիշեցնում են, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները իրաւասու չեն հայ ազգի ամբողջութեանը առընչւող հարցերի համար որոշում կայացնելու, նամանաւանդ 1915 թւականի Ցեղասպանութեան համար, որի համար աւանդապահ է Սփիւռքը։
- Յիշեցնում են, որ ցեղասպանութեան նման իւրայատուկ փորձառութեան հարցը ենթարկել սակարկութիւնների եւ կառավարական յանձնախմբերի կամ ենթայանձնախմբերի արժեւորումին, ճշմարտութիւնը ենթակայ է դարձնում քաղաքական գրաւարկների եւ ուժային յարաբերութիւնների։
- Վերահաստատում են Հրեաների Ցեղասպանութեան փորձառութիւնից առաջացած համաշխարհային համախոհութիւնը, որը դատապարտում է ուրացման բոլոր ձեռնարկները եւ պայմանաւորում է ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւնը նրա նախօրոք ճանաչմամբ։
- Նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ ներկայ արձանագրութիւնների ստորագրմամբ, Հայաստանը մեկուսացնում է Սփիւռքը եւ առարկայօրէն նպաստում է թուրք պետութեան ռազմավարութեան՝ պառակտելու հայ ժողովուրդը եւ ոճրականացնելու Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը կրող Սփիւռքը։
- Նկատի ունենալով, որ արձանագրութիւնների ստորագրութիւնը պարտադրւած է նրանց կողմից, ովքեր ցանկանում են տեսնել հայ պետականութեան կառուցումը հայ ժողովուրդի մէկ հատուածի տարամերժմամբ,
ա- Հետեւաբար մերժում են սոյն արձանագրութիւնները, որպէս թուրք պետութեան հերթական փորձը տնտեսութեամբ խոցելի Հայաստանի Հանրապետութեան պարտադրելու պատմութեան կեղծւած մօտեցումը եւ ուրացումը այն Ցեղասպանութեան որի ուղիղ արդիւնքն է թրքական հանրապետութիւնը։
բ- Կոչ են ուղղում Սփիւռքին հաստատելու եւ հզօրացնելու իր ինքնութիւնը որպէս Հայոց Ցեղասպանութեան յիշողութեան աւանդապահ՝ ինքնուրոյն զարգացման մի ծրագրի բովում շինիչ եւ քննադատ երկխօսութեան մէջ մտնելու Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնների հետ։
գ- Կոչ են ուղղում բոլոր նրանց, ովքեր ունեն մարդկային արժանապատւութեան գիտակցութիւն, դէմ արտայայտւելու այս համաձայնագրերին, որոնք վտանգում են հայ ժողովրդի ամբողջականութիւնը։
|